2016-04-14 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Եկեղեցին յառաջ կ՛ընթանայ Սուրբ Հոգիին հնազանդութեամբ` ոչ թէ օրէնքով։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հարկաւոր է հլու գտնուիլ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան դիմաց, չ՛ընդդիմանալ Անոր''. Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, հինգշաբթի 14 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի առթիւ արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։ Սրբազան Պապը ապա զգուշացուց` ''օրէնքի հաւատարմութենէն'' ու հրաւիրեց հաւատացեալները հայցելու Սուրբ Հոգիին հնազանդութեան շնորհքը։

Ակնարկելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Եկեղեցին կը հրաւիրէ` չդիմադրելու Սուրբ Հոգիին, այլ հնազանդելու Անոր, որպէսզի Ան կարենայ ներգործել ու յառաջ տանիլ Եկեղեցւոյ կառուցումը։ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Փիլիպոսին` Յիսուսի աշակերտներէն մին, որ ''բոլոր եպիսկոպոսներու նման զբաղուած էր իր առօրեայ մտահոգութիւններով'' եւ Սուրբ Հոգին անորմէ կը խնդրէ ամէն ինչ թողուլ, ու երթալ Եթովպացի մը մօտ, ու Փիլիպոս կը հնազանդի եւ այդ հանդիպումի առաքելութեան ընթացքին կը բացայայտէ Աւետարանի ու Փրկութեան  պատգամը։ Եւ Հոգին որ կը գործեր եթովպացիի սրտին մէջ անոր կը շնորհէ հաւատքը, եւ ան կը խնդրէ մկրտուիլ։

Երկու մարդիկ, ըսաւ Քահանայապետը, մէկը աւետարանիչ եւ միւսը` որ ոչ մի տեղեկութիւն ունէր Յիսուսի մասին, սակայն Սուրբ Հոգին այնտեղ սերմանած էր այն առողջ հետաքրքրութիւնը­, այնպէս որ ներքինին, իր ճանապարհը կը շարունակէ ուրախութեամբ` Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ, որովհետեւ, հաստատեց  Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Հոգիին հանդէպ հնազանդութիւնը աղբիւր է ուրախութեան եւ ակնարկեց Սամուէլ մարգարէի գիրքի մէկ աղօթքին ''Խօսէ Տէր` ծառադ քեզ կ՛ունկնդրէ'' ընդգծելով թէ այս մէկը գեղեցիկ աղօթքն մըն է որ կարելի է միշտ կրկնել ''Խօսէ Տէր` ծառադ քեզ կ՛ունկնդրէ''։

Աղօթենք հայցելու Սուրբ Հոգիին հնազանդութիւնն ու հեզութիւնը որուն միջոցաւ յառաջ տանիլ Եկեղեցին եւ դառնալ Սուրբ Հոգիին գործիքներ հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

''Խօսէ Տէր` ծառադ քեզ կ՛ունկնդրէ'' այսպէս աղօթենք օրուան ընթացքին,  յաճախակի կերպով, երբ ունինք տարակոյսներ, եւ երբ` չենք գիտեր ինչպէս աղօթել ու այս աղօթքով հայցենք Սուրբ Հոգւոյն նկատմամբ հնազանդութեան շնորհքը'' եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.